2014-11-10 12:10:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 9 նոյեմբերի թուիթը` '' Սատարենք հանդիպումի մշակոյթին ստեղծման''։


(Ռ.Վ. 10 նոյեմբեր 2014) Պերլինի պատի փլուզումի 25-դ տարեդարձին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Կիրակի, 9 նոյեմբեր2014-ի յետմիջօրէին, հրատարակեց մէկ թուիթ մը որուն մէջ գրեց` ''Բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոցմէ կը խնդրեմ որ սատարեն ստեղծելու հանդիպումի, զօրակցութեան եւ խաղաղութեան մշակոյթ մը''։
Յայտնենք որ Կիրակի, 9 նոյեմբերի առաւօտեան, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին եւս Սրբազան Հայրը նոյնանման կոչ մը ըրած էր հաստատելով թէ աշխարհը պէտք ունի կամուրջներու եւ ոչ թէ պատերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.